«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ 3 ԼԻՐԱ
Մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 3 (երեք) թրքական լիրա փոխարժէքով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս տեղի ունեցան արարողութիւններ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի պարտէզին մէջ երկու փուլերէ բաղկացեալ հրաժեշտի ծրագիր մը նախատեսուած էր տղոց համար։
Գնալը կղզիի մէջ այս ամրան եւս կեանքը աստիճանաբար կ՚աշխուժանայ։ Որքան որ ալ այս տարի Կազդուրման կայանը պիտի չբանայ իր դռները՝ համայնքային կեանքի սիրտը կը տրոփէ Գնալը կղզիի մէջ։
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 30-րդ անգամ կազմակերպուած եւ հոգելոյս մարզական գործիչ Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքին ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութեան խումբը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Մխիթարեան սանուց միութեան խումբին դիմաց։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին, որ կը բաղկանայ 55 աշակերտէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքին ամենաջերմ զգացումներուն։
Շիշլի մարզակումբը ախոյեան եզրափակեց Թուրքիոյ 2022-2023 շրջանի ֆութսալի լիկը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս շիշլիցիները նուաճեցին ախոյեանի տիտղոսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ակումբի շրջանակներէն ներս։
Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցութիւն աւելի քան 3.5 ժամ. հիմնական երեք առանցքի շուրջ քննարկումներ: