ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեանցիներուն համար երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն է՝ վարժարանի հիմնադիր բարեյիշատակ եղբայրներու վերյիշումը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ Ամանորի առթիւ վիճակահանութիւն մը, որու հասոյթը այս տարի կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը։
İFSAK-ի հաւաքատեղիին մէջ վաւերագրական դրուագներու ցուցադրութեան եւ ասուլիսի երեկոյթ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ս. Ծննդեան եւ Աստուծայայտնութեան տօնին առթիւ ընդունեց Էսաեան լիսէի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Այսօր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան տարեդարձն է։ Իր արդէն չորրորդ տարին է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան նախորդած՝ ալեկոծումերով, ցնցումերով ու տագնապներով բնորոշուած աւելի քան տասն տարիներու ժամանակաշրջանէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահ բարձրացած էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս համատարած ուրախութեան մթնոլորտով։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ ընդունուեցան պաշտօնական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու շնորհաւորական այցելութիւնները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագիրի պատասխանատուները, որոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ծրագրի նոր շրջանի գործունէութեանց մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առթիւ Գումգաբուի մէջ ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու իրենց ընկերակիցները, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։