ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԸՆԹՐԻՔ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ամառնամուտի ընթրիք մը։ Այս հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի միութեան հովանոցին ներքեւ ծաւալուած գործունէութեան վաստակաւորները մեծարուին եւ առարկայ դառնան Գատըգիւղի ընտանիքի երախտագիտական զգացումներուն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ փոքրիկները այս առթիւ հանդէս եկան յաջող ելոյթներով՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ
Ըստ խնամակալութեան հասած մասնագիտական տեղեկագրին, համալիրի շէնքերը անհրաժեշտ մակարդակով տոկուն չեն հաւանական երկրաշարժի մը դէմ:
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային նախաձեռնութիւն մը՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ։ Մրցոյթ մըն էր այս մէկը, որով մեր վարժարաններու աշակերտները չափեցին իրենց գիտելիքները՝ հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնագիտութեան նիւթերուն շուրջ։
Կեդրոնական վարժարանի «Հայ կինը մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» նախաձեռնութիւնը կամ իգական սեռէ գործիչներու պատկառելի տողանցքը:
Երէկուան մեր թիւին մէջ հաղորդած էինք, որ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր կը մասնակցի Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ժողովին։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետն է։
Երբեմնի Հինդլեան վարժարանի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։ Խանդավառ հաւաք մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Հերա Միմարօղլուի եւ Եասմին Ռոստոմեանի ջանքերով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտէզի երկու փուլերու տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած յայտագրերով, որոնք կ՚ընդգրկէին արտասանութիւններ, պարեր, թատերակներ եւ նուագներ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ քարոզեց։ Սոյն արարողութիւնը յատկանշական էր, որովհետեւ նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակը։