ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅ
Մալաթիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ, որպէս «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոն վերանորոգուած Ս. Երրորդութիւն հայկական պատմական եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը:
Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ կուսակալ Այտըն Պառուշ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուայ սկիզբին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիի մէջ, հոգելոյս մարզիկ Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Աւարտական փուլը խանդավառ մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Շաբաթավերջի Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ:
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան Նորին Ամենապատուութեան այցելեց:
Ֆաթիհի քաղաքապետը այցելեց Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ յարակից Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը:
Շիշլի մարզակումբի նորընտիր վարչութեան անդամները արդէն նոր եռանդով կը ձեռնարկեն պաշտօնի։ Վերընտրեալ ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչայինները մէկ կողմէ նոր շրջանի համար իրենց միջեւ դերաբաժանում կ՚ընեն, իսկ միւս կողմէ նոր մարզաշրջանի ընդառաջ կը ջանան ապահովել, որ ակումբի յաջողութիւնները մնան կայուն հունի մէջ։
Մեր համայնքի մարզիկներէն Շանթ Էպէմկըրեան երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ է լողի մէջ արձանագրած հետեւողական յաջողութիւններով։ Ան վերջերս Վոսփորը հերթական անգամ կտրելով նուաճեց «Միջցամաքամասային լողորդ» կոչումը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս ամառ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրին։ Ինչպէս ծանօթ է, լուսահոգի Կարօ Գալէնտէր երկար տասնամեակներ երախտաշատ մասնակցութիւն բերած էր մեր մարզական կեանքին եւ ներկայիս Շիշլիի վարչութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կատարած է զինքը ոգեկոչելու համար։
«Իսթանպուլ» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Փերիհան Եիւճէլ եւ «Քարս» մշակութային միութեան ատենապետ Վետաթ Աքչայէօզ, նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Անոնք յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, ընդունուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Յոբելեանները, որքան ալ որ առաջին հերթին վերաբերին յոբելեարի անձին, կ՚ունենան նաեւ հաւաքական երեսակ մը։ Սա, անշուշտ, դարձեալ կախում ունի յոբելեարի անձէն եւ անոր գործունէութեան նշանակութենէն։