ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎ
Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին առընթեր ստեղծուած խորհրդատու յանձնախումբին բանբերը՝ Յարութիւն Շանլը, որ միեւնոյն ատեն VADİP-ի դիւանի ատենադպիրն է ու կը գլխաւորէ Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, խօսելով պետութեան կողմէ վճարուած հատուցման գումարներու արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ:
«Այս դրամը տրուած է ազգապատկան տարածքի ապասեփականացման բերումով։ Այժմ կ՚աշխատինք առաւել արդիւնաւէտութեամբ տնօրինել զայն։ Նպատակասլաց մօտեցումով յառաջ պիտի ընթանանք։ Յամենայնդէպս, գալիք սերունդներուն արժէք մը փոխանցելու տեսանկիւնէ յարմարագոյնն է նոր կալուած մը գնելը»:
Թրքահայութեան տեսակէտէ ճակատագրական այս միջոցները պիտի կառավարուին ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու հեռատեսութեամբ: Մօտաւոր ապագային կը սպասուի եւս 916 հազար լիրայի, բացի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն ակնկալուած փոխանցումէն: Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ պիտի մշակուին աւելի սերտ կապեր:
Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աշխատութեանց մասնակից պատանիներ, երիտասարդներ եւ ընտանիքներ, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, շաբաթավերջին այցելեցին Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ։
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։ Մխիթարեանցիներուն կողմէ կազմակերպուած ամրան աւանդական հաւաքոյթն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։
Սուրբ Աստուածածնի տօնի նախօրեակին համայնքին ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած Վաքըֆլըգիւղի վրայ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Դիմատետրի վրայ զետեղուած յայտարարութիւնը դարձաւ ուշագրաւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լիա Խաւըթերս կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւն՝ համատեղելով բարձրագոյն ուսումն ու աշխատանքի փորձառութիւնը։
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու յարակից ստեղծուած խորհրդատու յանձնաժողովը երէկ Պատրիարքարանի երդիքին տակ նիստ մը գումարեցին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։