ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ Մայրերու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակցեցան մեր զանազան թաղերէն Կազդուրման կայանի համակիր տիկիններ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն աշակերտներ մրցանակներ նուաճած են միջվարժարանային շարք մը մրցոյթներու մէջ։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» հիմնարկին կողմէ հովանաւորուած «Neslin değişen sesi» վարժարանը այս տարի վեցերորդ անգամ կազմակերպած է պատմուածքի ու բանաստեղծութեան մրցոյթ մը։
Կեդրոնական վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 130-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է յատուկ ձեռնարկ մը, որ խորագրուած է՝ «Հայ դպրոցը՝ անցեալէն դէպի այսօր»։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբու փութացած էր՝ Հոգեգալստեան տօնին ընդառաջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրեր։ Արհեստավարժ յատուկ ուղեցոյցի մը ներկայութեամբ կազմակերպուած այս շրջագայութեան ծրագիրը ընդգրկեց՝ Սաֆրանպոլուն, Ամասրան, Զոնկուլտաքը եւ մերձակայ տարածքները։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբին ներկայացումը։
Գարակէօզեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Բեմը քեզի կը սպասէ… դուն ալ մասնակցէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոնը, որ չորրորդն էր իր տեսակին մէջ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ Գումգաբուի մէջ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը։ Համանուն սրահին մէջ ամառնամուտի այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր ի նպաստ դպրոցին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին: