ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Տիանա Գամբարոսեանն ու Քէյ Քէսթէկը։ Գալֆաեանը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ այս յոբելեանը նշելու համար կազմուած է կարգադիր յանձնախումբ մը։
«Չարութեան հին խմորը
Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը արձագանգեց ընտրեալ-տեղապահի վերջին նամակին՝ մեկնաբանելով մանրամասնութիւնները:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ այս առթիւ կազմակերպուած հանդէսի պատրաստութիւնները վերահսկած էին ուսուցչուհիներ Թանիա Չաթաք, Տիլարա Սարըքայա եւ Արզու Քարկը։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրաստուած, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ մերժուած համաձայնութեան նախագիծը, որուն մասին զանազան լուրեր հրապարակուեցան վերջին օրերուն համայնքային մամուլին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հրապարակեց այդ ձախողած նախագծի ամբողջ բովանդակութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։