Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԿՂԶԵԲՆԱԿ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ
Ս. Աստուածածնի Վարափոխման տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամները այց մը տուին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այն մնայուն բնակիչներուն, որոնք ամրան շրջանին կը գտնուին կղզիի մէջ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ հրատարակուած Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջ» գիրքը այս շրջանին կ՚արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Թերթիս խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են նաեւ 30 կտրօնի փոխարէն Երուխանի այս գիրքը նուիրել մեր ընթերցողներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։