ՀԱՐԱԶԱՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՄՔ ՄԸ
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետը այցելեց խմբագրատունս:
Րաֆֆի Մարուքեան վերջին օրերուն քաղաքիս այցելութիւն մը տուաւ՝ Երեւանէն վերադարձի ճանապարհին:
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետը այցելեց խմբագրատունս:
Րաֆֆի Մարուքեան վերջին օրերուն քաղաքիս այցելութիւն մը տուաւ՝ Երեւանէն վերադարձի ճանապարհին:
Մեր համայնքը վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Հունգարիայէն հայագէտ Պենետէք Ժիկմոնտը։ Իւրայատուկ հիւր մըն է ան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի եւ իր այդ իմացութեան հիման վրայ առարկայ կը դառնայ թէ՛ համակրանքի եւ թէ հիացմունքի։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ խմբագրութեանս հետ կապ հաստատեց՝ լուսաբանութիւններ տալու համար Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին շուրջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին խօսած էր մեր կրթական համակարգի առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ եւ այս ամբողջին մէջ անդրադարձած՝ կարգ մը վարժարանները միացնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը արդէն որոշած է յառաջիկայ Նոյեմբերի 25-ին տեղի ունենալիք TEOG-ի քննութեան ընթացքին մասնաւոր հարցումներ ուղղել թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ կրօնագիտութեան եւ բարոյագիտութեան առարկայի պարագային։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին անդամները, որոնց հետ էր նաեւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ կը պատրաստուին յառաջիկայ Նոյեմբերի 22-ին տօնախմբել իրենց տարեդարձը՝ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։
«Ոմանք» խումբը նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գատըգիւղի քաղաքապետութեան Եէլտեղիրմէնիի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Խումբը երաժշտասէրներուն ներկայացուց ամբողջութեամբ հայերէն երգերէ բաղկացեալ ծրագիր մը։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ գումարեց 2015-2016 շրջանի առաջին ժողովը։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու. «Մեր հաւաքական կեանքէն ներս առկայ է լուրջ պառակտում մը, եթէ չհամախմբուինք, չկազմակերպուինք, ապա բոլորը կը ջլատուին ու մեր համայնքը աստիճանաբար կը հալի»։
Թրքահայ դպրոցներու տրազերծ կարգավիճակի ու մասնաւորներու շարքին պատկանելով հանդերձ, «տնտեսական ձեռնարկ» համարուելէ խուսափելու հարցին շուրջ առայժմ չկայ յստակութեան։
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կիրակի, Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանի եզրափակիչ փուլին ապրուած վէճը՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի միջեւ։ Նկատի ունենալով հարցին այժմէական բնոյթը՝ երէկ համայնքային վարիչները հետաքրքրուեցան այս նիւթին վերաբերեալ Իսկէնտէր Շահինկէօզի մօտեցումներով։ Իբր այդ, ան հանդէս եկաւ շարք մը մեկնաբանութիւններով։
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով՝ թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ Գալֆաեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Արուսեակ Մկրտիչեան, Սիրանոյշ Էօզնիկոլեան, Թամար Ներկիզ, Այլին Եանար, Սելին Եամաչ, Էպրու Եըլմազ եւ Էլիզապէթ Զինկիլլիօղլու աշակերտներուն արդէն բացատրութիւններ տուած էին Հայոց գիրերու գիւտին, Թարգմանչաց շարժման եւ Թարգմանչաց տօնին շուրջ։