ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Հայաստանի վարչապետի աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ այժմէական հարցեր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։
Երեւանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու 43.65 տոկոսը:
Հայկ Մարութեանի յաղթանակը եկաւ ապացուցանել Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վայելած ժողովրդական աջակցութիւնը:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։
Արմէն Սարգսեան Շամոնի հաւաքին մասնակցեցաւ՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու վարիչներուն հետ:
Շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Այսպէս, սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արցախ Յովսէփեան (1998)։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովին ընդառաջ կարեւոր հաւաք:
Պրիւքսելի մէջ 85 երկիրներէ դիւանագէտներ ծանօթացան նախապատրաստական աշխատանքներու արդիւնքին:
Աշխարհահռչակ երգիչի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ հետեւողական դիտարկումներ:
Այգ Փոթուքեան 2000 թուականէն ի վեր համացանցի միջոցաւ կը խորանայ Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն մէջ: