ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ
Երէկ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան Իւնալ Տեմիր (24), Սէյֆետտին Աքպաշ (28) եւ Սերճան Քոչ (23)։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հիւրընկալեց ամերիկահայ ֆոթոմոտել Քիմ Քարտաշեանը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ԱՄՆ-ի նախագահն ու ամերիկահայ աշխարհահռչակ աստղը քննարկեցին բանտերու համակարգի բարեփոխումներու վերաբերեալ հարցեր։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ Լարսի անցքի այլընտրանքը շուտով կ՚օգտագործուի:
Յունիսի 2-4 թուականներուն միջեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը՝ նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ «Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ան այս առաւօտ ժամանեց Թիֆլիզ, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի կողմէ։
Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները մէկտեղուած:
«Հարաւային կազի միջանցք»ը սկսաւ գործել հանդիսաւոր արարողութիւնով՝ «Շահտենիզ 2»ի պաշարներով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին խօսեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։