ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ՝ ՄԵՐԿ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ՈՒՐՈՒԱՆԿԱՐԸ
Ֆրանսայի մէջ գտած են մերկ կնոջ պատկերով գծանկար մը, որ, ինչպէս կ՚ենթադրեն փորձագէտները, կրնայ ըլլալ Լեոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա» նկարի ուրուանկարը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ածուխով գծուած դիմանկարը յայտնի է որպէս «Մոննա Վաննա»։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին տարածքաշրջանի խնդիրներուն շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի անկայուն վիճակը։ Երէկ, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ ընտրեց նոր քաղաքապետը։ Այսպէս, Մեւլիւտ Ույսալ ընտրուեցաւ Իսթանպուլի նոր գլխաւոր քաղաքապետ։
Երեւանի քաղաքապետարանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի 88-րդ թատերաշրջանը այս տարի կը բացուի Սեպտեմբերի 30-ին։
Մարտունի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գասթելլօ Մկրտչեանի օժանդակութեամբ, Հոկտեմբերի 29-ին Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ նուռի փառատօն:
ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարը կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն նոր հանդիպումը: