ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարապետեան բարձր գնահատեց Մետվետեւի անձնական ներդրումը՝ երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն ժողով մը գումարեց՝ յառաջիկայ ծրագրերուն համար:
Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս, Հարպիյէ, երէկ կատարուեցաւ «Արդի Իսթանպուլ» գեղարուեստական մեծ ցուցահանդէսի բացումը։ «contemporary istanbul»ը այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Բացման օրը գեղարուեստական ու գործարար աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր այցելեցին ընդարձակ համալիրը։
Ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երէկ ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս ամսավերջին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Իրաքի խորհրդարանը, Սեպտեմբերի 25-ին նախատեսուած այս հանրաքուէին համար արդէն ժխտական որոշում մը առաւ։
Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի նոր խաղաշրջանի ծրագիրը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Գերմանիա։ Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500-ամեակին առթիւ Պերլինի մէջ նախատեսուած են շարք մը յոբելենական արարողութիւններ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Եղիշէ Չարենցի եւ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծած մեղեդիները պիտի հնչեն Հոկտեմբերի 1-ին՝ Վանաձորի, Հոկտեմբերի 2-ին՝ Հառիճավանքի, եւ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին՝ Արցախի մէջ: