ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին հիւր նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ շրջայցը՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ:
Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութիւն (FYCA) կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած «Վարդավառ միջազգային փառատօն»ը, որ չորրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներն եւ տօնի հարիւրաւոր սիրահարները: Փառատօնը նպատակ ունէր ներկայացնելու ազգային-աւանդական մշակոյթը, լայն հասարակութեան ճանաչելի դարձնելու Վարդավառի տօնական եւ ծիսական առանձնայատկութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ տեսակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ եւ անցաւ Քուէյթ:

«Յուսոյ առագաստ-2017» հեղինակաւոր երգի միջազգային փառատօնը Սեւանի ափին համախմբած է հայ եւ օտարազգի կատարողները՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Փառատօնը, որ տեղի ունեցած է անընդմէջ երրորդ տարին ըլլալով՝ ունի միջազգային ձեւաչափ:
Բրիտանական գահու թագաժառանգ Քէյմպրիճի դուքս Ուիլիըմ եւ իր եղբայրը՝ արքայազն Հարի առաջին անգամ կը պատմեն իրենց մօր՝ արքայադուստր Տայանայի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որ եթերով կը հեռարձակուի ITV հեռուստաալիքէն, այսօր՝ Յուլիսի 24-ին: