ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՋԱՆՔԵՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան մօտեցումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար լուծումը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ:
Ի նշան Լմբատաւանքի «Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի» եկեղեցիի վերազարթօնքի, արդէն երկրորդ տարին է՝ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Լմբատաւանքի ուխտի օրը: Այդ օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Լմբատաւանք կը բերուի Սուրբ Ստեփանոսի մասունքը եւ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի սուրբ մասունքով կը կատարուի Անդաստանի կարգ եւ մատաղի օրհնութիւն։
Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հուրի Պէրպէրեան միացած է համալսարանի դասախօսական անձնակազմին, իբրեւ Հայագիտական ուսմանց Մեղրունի ընտանիքի նախագահական ամպիոնի վարիչ։
Թրքական եւ օսմանական ուսումնասիրութիւններու երկրորդ համաեւրոպական համաժողովը տեղի ունեցաւ Համպուրկի մէջ:
Գերմանացի խորհրդարանականներ վաղը պիտի այցելեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Քունց երէկ յայտնեց, որ Պունտեսթակի վեց անդամներ վաղը պիտի այցելեն Ինճիրլիք։
ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը: