ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անոնք անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, եւ մանաւանդ Հալէպի կացութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ դարձած է՝ բախումներու սաստկացման հետեւանքով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթներով հանդէս եկաւ Պէօրքլիի եւ Սթենֆորտի համալսարաններուն մէջ:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ ամիս հաւանաբար այցելէ Թուրքիա։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ան Հոկտեմբերին կրնայ այցելել Թուրքիա։ Նախապատրաստական բոլոր հանգրուաններու աւարտին Քրեմլինի աղբիւրները վերստին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի ընեն այս մասին։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ: