«ԱՐԻ ԳՐՔԱԽԱՌՆՈՒԻՆՔ»
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութը կը կազմակերպէ «Գրքի գիշեր 2016» ծրագիրը:
Հայաստանի ընթերցասէրները պիտի աջակցին այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ:
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութը կը կազմակերպէ «Գրքի գիշեր 2016» ծրագիրը:
Հայաստանի ընթերցասէրները պիտի աջակցին այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ:
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ աշխատանքներ կը կատարուին՝ Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ուղիղ թռիչքներու հաստատման համար։ Այսպէս, մօտ ապագային, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր զարգացումներ կ՚ակնկալուին. «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այսպէս յայտնած է հայ գոնկրէսական Ճեքի Սփիր:
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Ժընեւի մէջ սկսած բանակցութիւնները վերջին պահուն ձախողեցան։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ բանակցութիւնները սառեցուած են։
Ռուսասատնի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումները։
Նիւ Եորքի մէջ շուրջ հազար անձեր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծննդավայր Քուինզ թաղամասէն մինչեւ Թրամփի երկնաքերը քայլարշաւ մը կատարեցին՝ առ ի պաշտպանութիւն բազմազանութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու: Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Վան Պրայմըրի հրաւէրով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ:
«Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պատ մըն է, եթէ այդ պատը փուլ գայ, ապա աշխարհ պիտի հրկիզուի։ Եկէք ոչ թէ քանդենք, այլ ամրապնդենք այս պատը»:
Bloomberg գործակալութիւնը հրապարակեց յօդուած մը, որու մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կեդրոնացած է արագ փոփոխութիւններ արձանագրելու վրայ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը թարգմանաբար արձագանգ հանդիսացաւ այդ յօդուածին, ըստ որու բովանդակութեան Կարէն Կարապետեան Հայաստանի մէջ լուրջ փոփոխութիւններու կարիքը կը տեսնէ եւ անոր կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը կ՚առաջարկէ ամենաարագ փոփոխութիւնները։
Իսթանպուլի Պայրամփաշա գաւառակին մէջ այս առաւօտ հրդեհ մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մտահոգութիւն ստեղծեց ամբողջ քաղաքին մէջ։ NTV-ի հաղորդումներով, գործարանէ մը ներս ծագած հրդեհը պատճառ դարձաւ խուճապի։
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) «Եւրոպական պահպանողականներ» խումբի ղեկավար Եան Լիտըլ-Կրէյնճէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի մէջ քննարկման առարկայ է արեւմտահայերէնի դպրոցներէ ներս ուսուցման խնդիրը:
Սփիւռքի փոխ-նախարար Սրապիոնեանի խօսքով, խառն ամուսնութիւններու հարցը դարձած է մարտահրաւէր: