ՄՈՒՐՍԻԻ ՊԱՏԻԺԸ ԿԱՍԵՑՈՒԱԾ
Եգիպտոսի մէջ երէկ ապրուեցաւ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, վճռաբեկ դատական իշխանութիւնները որոշեցին կասեցնել երկրի ընտրուած առաջին նախագահին՝ Մուհամմէտ Մուրսիի դէմ արձակուած դատավճիռը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջհամալսարանական ցուցահանդէս-փառատօն մը։ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ այս ձեռնարկին շրջագծով ներկայացուած են բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արժանանան այցելուներու հետաքրքրութեան։