ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՏՈԼՄԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդարանի, «Հայարտուն» կեդրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ Թիֆլիզի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական ազգային կարեկրատեսակի՝ տոլմայի փառատօն-մրցումը: Ըստ «Արմէնփրէ-ս»ի, այս մասին տեղեկացուցած է Վիրահայոց Թեմը՝ աւելցնելով. «Լաւ աւանդութիւն դարձած է Վրաստանի ազգային միւս արժէքներուն հետ միասին ներկայացնել նաեւ հայկական խոհանոցը իր բազմազանութեամբ, որ հայոց բազմադարեան մշակոյթի անբաժան մասն է:

Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։

Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։
Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանէն ներս առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիւրընկալեց մարսէյլաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեսթը: