ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Լաս Վեկասի մէջ կազմակերպուած Ըմբշամարտի համաշխարհային առաջնութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը վերադարձաւ Երեւան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած եւ այդ կոչումը արդէն երկրորդ անգամ նուաճած Արթուր Ալէքսանեանին համար յաղթական վերադարձ մըն էր այս մէկը։
Իրաքի հիւսիսին Թուրք զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն սաստիկ գործողութիւններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Մշակոյթի եւ մետիայի գծով նախարար Ճոն Ութինկտէյլի հետ։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս կը գլխաւորէր Հայաստանի հետ բազմակուսակցական բարեկամութեան խումբը։
Ամերիկահայ գիտնական Վոն Թուրէքեան նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Թուրէքեանի պատասխանատուութեան շրջագծին մաս պիտի կազմեն բնապահպանութեան, գիտութեան, փորձագիտութիւններու եւ առողջապահութեան բնագաւառները, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։