ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կրկնեց կուսակցութիւններուն ուղղեալ կոչը:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէն Միխայէլ Լինքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ լիբանանահայ համայնքը ունեցած է ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, երէկ կէս գիշերին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ներհուն մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան:

Սուրուչի ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկեց ցաւակցական մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.