ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՄԱՍԻՆ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՏՈՐ ՄԸ
Ֆոթոլրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներով ճոխացած կենսագրական հատորը վերջերս լոյս տեսաւ «Ֆոթոկրաֆէվի» հրատարակչատունէն՝ «Աչք մը, մեքենայ մը եւ իրականութիւն» խորագրով։
Ֆոթոլրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներով ճոխացած կենսագրական հատորը վերջերս լոյս տեսաւ «Ֆոթոկրաֆէվի» հրատարակչատունէն՝ «Աչք մը, մեքենայ մը եւ իրականութիւն» խորագրով։
Հրաւիրուած ըլլալով կազմակերպիչներուն կողմէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ մը ունեցաւ շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթին ընթացքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքին բնագիրը, զոր ան որոշ յապաւումներով ներկայացուց՝ տեղաւորուելու համար կլոր սեղանի ժամկէտներուն մէջ։
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման ակնկալութեամբ բացուած դատը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել հայկական հանրային կարծիքի օրակարգը:
Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը կարգ մը ապացոյցներ ունենալ փափաքած է, անթիլիասի կողմէ կատարուած դատական նախաձեռնութեան կապակցութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին բացայայտումներ ըրաւ Փարիզի մէջ:
Նախկին նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլ շաբաթավերջին հողին յանձնուեցաւ իր ծննդավայրին՝ Սպարթայի Իսլամգիւղին մէջ, ուր պիտի կառուցուի յուշադամբան մը։ Անցեալ շաբաթ ան կնքած էր իր մահկանացուն յառաջացած տարիքին մէջ։
Ատանայի մէջ վերանորոգութեան վերջին հանգրուանին հասած է Վահկայի բերդն ու եկեղեցին։ Յայտնի կը դառնայ, որ այս տարուան աւարտին մօտ արդէն վերջացած պիտի ըլլան Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան խորհրդանշաններէն մին հանդիսացող հռչակաւոր այս բերդին վերանորոգութիւնը, որ կը շարունակուի երկու տարիէ ի վեր։
Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլ իր երկրի խորհրդարանին մէջ 1915-ին վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին յայտարարած էր, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն է։ Ինչպէս այլ պարագաներուն, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուշացուց իր յայտարարութիւնը՝ շարունակելով իր ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը։
Հռոմէական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին մեղադրեց աշխարի մեծ տէրութիւնները՝ 20-րդ դարու ընթացքին տեղի ունեցած կոտորածները կանխելու աշխատանքին մէջ ձախողելնուն համար։
Հալէպի կարգ մը շրջաններ շաբաթավերջին դարձեալ ենթարկուեցան հրթիռակոծումներու։ Քաղաքապետարանի շէնքին հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու հայեր՝ Կարօ Մկրտիչեան եւ Հայաստանեայց Կեանքի խօսք եկեղեցւոյ առաքեալ Եդուարդ Պետրոսեան։
Թուրքիոյ մէջ կը նկարահանուի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով առաջին շարժանկարը։ «Քարաքետի ֆիլմ» ընկերութեան կողմէ պատրաստուող ժապաւէնին բեմադրիչներն են Առէն Փերտէճի եւ Էլա Ալեամաչ։
Ամերիկեան նշանաւոր «The New York Times» թերթը վերջերս բացայայտեց Ատրպէյճանի կողմէ կաշառուած ամե