ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏՔԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՕՅՈՒՆՃԵԱՆԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ բարերար Տքթ. Յովհաննէս Օյունճեանը, որու կողմէ հովանաւորուած համանուն բարեգործական հիմնադրամը կարեւոր ծրագրեր կեանքի կը կոչէ Հայաստանի մէջ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ հերթական բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Հայաստանի Ազգային արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» երկլեզու աշխատութիւնը:
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն ունեցած է բազմաբնոյթ շփումներ։
Ամերիկացի յայտնի մեներգչուհի Պեթ Հարթ վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։