ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՋԱՆՔԵՐ
Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան յայտարարեց, թէ Երեւան կ՚ակնկալէ յառաջիկային Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու սկսիլ՝ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ջնջման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Կարէն Նազարեան ըսաւ. «Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը խորացնելու հարցին մէջ մենք կը կարեւորենք նաեւ մարդոց միջեւ աշխոյժ շփումները։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
