ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊՈՆՏՈՍԻ ՅՈՒՆԱՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս ապրուած ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պետական այցելութեամբ կը մեկնի Փեքին, ուր կը հիւրընկալուի Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ։ Հայաստան-Չինաստան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Փեքինի մէջ, ուր նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղղեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները հասած են վերջին փուլին։ Հայաստանի մէջ 27 Մարտ-6 Ապրիլ թուականներուն պիտի գումարուի ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, որու ծրագիրը ընթացիկ քննարկումներուն առընթեր պիտի ընդգրկէ երկու կարեւոր ձեռնարկ։
Երէկ, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է դերասան Կարէն Ջանիբէկեան: Ան շուրջ տարիէ մը ի վեր հիւանդ էր: