ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում ուղղութիւններով։ Այս շրջագծով նախընթաց օր Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Նինտիա Ճանելիծէի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազի հանդիպումը։



