ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի եւ Յունական Կիպրոսի թղթատարութեան ընկերութիւնները համատեղ նախաձեռնութեամբ թողարկեցին «Մելգոնեան վարժարան» խորագրեալ դրոշմաթուղթեր։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, նամականիշերէն մէկուն վրայ պատկերուած են Մելգոնեան վարժարանի շէնքն ու այն ծառերը, որոնք տնկած են այդ կրթօճախէն ներս ապաստան գտած որբերը։


Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։



