ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ
Սուրիոյ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայէպ-Սելիմիէ ճանապարհին դիպուկահարի մը կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Երուանդ Արսլանեան։ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին ափսոսանք յայտնեց Հալէպի ամբողջութեամբ զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը անցած ըլլալուն համար։
Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը դիմագրաւէ լուրջ փոթորիկ մը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններէն վերջ երկիրը մատնուած է ցնցումներու։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ լարուածութիւնը աննախընթացօրէն մագլցեցաւ։
Անգարա այսօր կ՚ընդունի Թեհրանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան Մոսկուայի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Եաղուպ Էյուպովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Տնտեսական խորհուրդի 104-րդ նիստի շրջանակներէն ներս։
Երեւանի Մատենադարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնադարագիտութեան միջազգային գիտաժողով մը, որ տասներորդն էր իր նմաններու շարքին։ Եռօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճի երդիքին տակ։
Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան զօրքերուն միջեւ նոր բախումներ Հալէպի մերձակայքին:
Փարիզի «Փոմփիտու» արդի արուեստի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայկական մշակոյթի երկու հսկաներու համընկնած յոբելեաններուն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեան վերջերս այդ առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ իր առաջին ուղեւորութիւնը կատարեց՝ դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Իննօրեայ այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու կանգառներն էին՝ Պուէնոս Այրէսը, Մոնթեվիտէոն եւ Սան Փաուլոն։
Մշակութային արէժքներու ոչնչացումը եւ իւրացումը կը շարունակուի զանազան տարածաշրջաններէ ներս:
Քրիստոնեայ աշխարհը հետզհետէ կը համակուի Ս. Ծննդեան տօնի բարձր տրամադրութեամբ։ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ամէն տարի կը կազմակերպուին Ս. Ծննդեան տօնավաճառներ՝ որոնք միշտ կը համախմբեն հոծ թիւով մարդիկ։ Այդ նախաձեռնութիւնները թէ՛ պայմանաւորուած կ՚ըլլան տօնական մթնոլորտով եւ թէ, իրենց հերթին, կը պայմանաւորեն տօնական հրճուանք։