ՄԻԱՅՆ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՀԱՐՑ…
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ երկու շաբթուան ընթացքին։ Ըստ իրեն՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է սկզբունքային գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ։
Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Այս յոբելեանը կը բնորոշուի Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախատեսուած փառաշուք ձեռնարկով, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի 28-ին։
Էնթընի Պլինքըն զուգահեռ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Զարմանազան» ծրագիրը կը շարունակուի յաջողութեամբ եւ յառաջիկայ տարի պիտի ընդլայնուի անոր աշխարհագրութիւնը։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ պիտի դատուի քրէական ատեանի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, սակայն Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը անմիջապէս նոր մեղադրական մը պատրաստած էր անոր համար։
Իսրայէլ-Պաղեստին արիւնալի իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը մնալ կը շարունակեն։ Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ հաստատուած քառօրեայ հրադադարը թէեւ այս առաւօտ պիտի աւարտէր, սակայն միջնորդ երկիրներու ջանքերուն շնորհիւ երկարաձգուեցաւ եւս երկու օր։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ Պաքուի մէջ եռակողմանի բանակցութիւններու մասնակցեցաւ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի հետ։
Համաեւրոպական տօնավաճառին գծով կը ներկայացուին հայ վարպետներու ընտիր ձեռագործերը:
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ շաբաթավերջին պաշտօնապէս հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն մը։