ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան կոչուեցաւ նոր ու կարեւոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին՝ երէկ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս տեղի ունեցած ընտրութեամբ։ Այսպէս, առցանց քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմը։
«Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ անլուծելի խնդիր մը գոյութիւն չունի։ Եգէականը վերածենք խաղաղութեան եւ համագործակցութեան ծովու»:
Փութինի եւ Ռայիսիի մօտեցումները կրնան պայմանաւորել Հարաւային Կովկասի տեսանելի ապագան:
Երեւան եւ Պաքու երէկ երկար ժամանակ վերջ կարողացան միասնաբար դրական քայլ մը առնել, ինչ որ խաղաղութեան գործընթացին տեսակէտէ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին։
Կողմերը կը ձգտին փոխադարձաբար ամրապնդել քաղաքական վստահութիւնը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ հաշուի առնել մշակութային արտադրութեան նոր հոսանքները, որոնց հիման վրայ կը մշակէ ծրագրեր։ Այսպէս, բաժանմունքը ներկայիս սկիզբ դրած է «Արեւմտահայերէնը՝ ապագայի համար. արդ եւս 2023-2024» խորագրեալ նախագիծին։
Օ՚Պրայըն այցելեց Պաքու. Փութին եւ Ռայիսի այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Անգարայի հետ ստեղծուած նոր իրադրութեան պայմաններով Աթէնք կը ձգտի այժմու հանդարտութիւնը տեւականացնել: