ՊԼԻՆՔԸՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Ատրպէյճանի նախագահի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքով ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ, առկայ մարդասիրական տագնապի մթնոլորտը շաբաթավերջին քիչ մը եւս խորացաւ Ատրպէյճանի հերթական տմարդի արարքով։
Երկագունդը մեծ խառնարան մըն է։ Անսահմանափակ զանազանութիւններու բեմահարթակն է երկիր մոլորակը։ Օդին ու ջուրին մէջ, նաեւ ցամաքի վրայ՝ ամէն իմաստով տեսակաւորութիւն կը տիրէ ամէնուրեք։ Աշխարհի վրայ տարբերութիւններու հիմնական կրողներէն մին է նաեւ մարդը, որ բնութեան արարչագործութեան վառ դրսեւորումն է, գագաթը, միանշանակ։
Մարզպետ. «Արցախահայութիւնը սովամահութեան մատնած Ատրպէյճանը կը խօսի համարկման մասին»:
Փեքինի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատելու ճանապարհին։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն այցելեց Չինաստան։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մարդ միշտ հետքեր կը կրէ իր հասակ առած, կրթուած-դաստիարակուած եւ աշխատած միջավայրերէն։ Մարդակերտումը մշտանորոգ է՝ ինչպէս իւրաքանչիւր արարածի կեանքը։ Մարդուն յղկումը, սակայն, շատ աւելի բարդ երեւոյթ մըն է՝ միւս արարածներուն բաղդատմամբ։
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը կը խորանայ։ Առկայ ողբերգական իրավիճակին մէջ Հայաստանէն դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Բոլորը կը ձգտին լայն ճանապարհներով ընթանալ, ունենալ հանգիստ ու ապահով անցք։ Տակաւին բոլորը կ՚ուզեն բացուիլ դէպի ընդարձակ հրապարակներ՝ շողշողուն, հրապուրիչ։ Առ երեւոյթ, ընդհանուր համոզումը այն է, թէ լայն ճանապարհները փշոտ չեն ըլլար։