ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆԸ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Այսպէս, «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու թանգարան-կաճառի ղեկը վստահուեցաւ Արա Խզմալեանին, որ ներկայիս կը վարէ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարարի պաշտօնը։
Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը առաջնահերթօրէն կը շարունակէ օրակարգը զբաղեցնել, Իրան մտադիր է Հայաստանի տարածքով միանալ Ռուսաստանի ելեկտրացանցին։ Այսպէս, Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապիան յայտնեց, որ իր երկիրն ու Ռուսաստանը ելեկտրական ուժանիւթ պիտի փոխանակեն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով։
Երեւանի Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Սերկէյ Փարաճանովի գործերով ցուցահանդէս մը։ Անմոռանալի վարպետի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին կը զուգադիպի այս նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան փոքր դահլիճի երդիքին տակ բացուած ցուցահանդէսը անուանուած է՝ «Փարաճանով-100. քոլաժ/պաստառ»։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը շուրջ երեք ժամ բանակցութիւններ վարեցին Պրիւքսելի մէջ:
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան արդէն աւարտած է իր ծառայութեան պայմանագրային ժամկէտը։
Ռուսաստան շաբաթավերջին խստօրէն կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որպէսզի շտապ միջոցներու ձեռնարկէ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ մտահոգիչ համարուեցաւ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը զարգանայ բացասական բեմագրութեամբ։
Նիկոլ Փաշիեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր Պրիւքսելի մէջ կը տեսակցին՝ միջնորդութեամբ Շարլ Միշելի, որու հետ ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ճաքարթայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Էնտոնեզիայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Ձախող պետական հարուածի տխուր տարելիցին ամբողջ երկիրը կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ ազգային կամքը պէտք է ըլլայ այն միայն ու բացառիկ գործօնը, որ ուղղութիւն կու տայ ամէն ինչին։
Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայէթի յայտարարեց, որ Թեհրան եւ Մոսկուա պէտք է զգօն ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաւադրութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ։ «Թասնիմ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու կապելու ուղղեալ ջանքերուն։