ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՔՈԼՈՆՆԱՅԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Զրոյցի սկիզբին Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ցաւակցութիւն յայտնեց Քորսիքայի մէջ վերջին օրերուն ծագած փոթորիկին հետեւանքով զոհուածներուն համար։
«Մատենա» առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոցի եւ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Այսպէսով յայտարարուեցաւ կրթամշակութային նոր ծրագրի մը սկիզբը։
Հայաստանի մէջ գեղարուեստասէրները միջոցէ մը ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւին մասնագիտական շրջանակներու կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքին, որու նպատակն է «Փառք աշխատանքին» քանդակի վերանորոգումը։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ յայտնի պատմաբան փրոֆ. Վահագն Տատրեան, որ կենդանութեան շրջանին լայն աշխատանք տարած էր հայկական հարցի ծալքերուն վրայ։
Ըստ Չավուշօղլուի, կասկած չկայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ձգտումներու անկեղծութեան ուղղութեամբ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ, Մոսկուայի մէջ։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ այս պահուն որոշուած չէ ձեւաւորուած հարցերու առանձին օրակարգը։
«Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն գծով առնուած քայլերը կը նպաստեն նաեւ Պաղեստինի հարցին»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր երկիրը ինքնուրոյն կ՚որոշէ, թէ ինչ ճանապարհով պիտի վերադարձնէ Խրիմը։ Ան այս առումով բացառեց Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը։
Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգման խորհուրդը վերջին օրերուն ժողով մը գումարած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիի երդիքին տակ տեղի ունեցած է նիստը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ համահայկական լրագրողներու յաջորդ համաժողովը որոշուած է կազմակերպել 2023 թուականի գարնան։