ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առումով Երեւան կը կարեւորէ Մոսկուայի ջանքերը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակը:
Միրզոյեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին անվտանգութեան հարցերու, նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներուն շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը ծրագրուի հանրապետութեան նախագահներու միջեւ շփում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Վլատիվոսթոք, ուր իր շփումները կը շարունակուին մինչեւ ուրբաթ՝ 9 սեպտեմբեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ պատմական եկեղեցւոյ մէջ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ենիգիւղի յունաց Այա Փանայիա եկեղեցին այս ամրան հիւրընկալեց «Թէոթոքիա 2022» մշակոյթի փառատօնը, որ խանդավառ համերգով մը եզրափակուեցաւ շաբաթավերջին։ «Փոխանակում» նիւթին ձօնուած էր այս տարուան փառատօնը, որու շրջանակին մէջ ամրան ամիսներուն կազմակերպուեցան լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, գիրքի շնորհանդէսներ, ասուլիսներ եւ այլ ձեռնարկներ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անոնք անդրադարձան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։