Լրահոս

MODERNA-ԷՆ ՆՈՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։

ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԼԵՀԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը որոշած է ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեհաստան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հրաւէրին ընդառաջ Նորին Սրբութիւնը պիտի իրականացնէ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Գատըգիւղի Էմմանուել Մետրապոլիտը եւ Հայր Եագոպոս Քրոչաքը։

ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀ

Էրտողան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մասին. «Միակ ելքի ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»:
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Քիեւ չեն յաջողիր հասնիլ իրենց նպատակներուն: Փութին եւ Մաքրոն դարձեալ զրուցեցին հեռաձայնի վրայ: Պայտըն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին առթիւ Եւրոպայի մէջ, ուր կը հրապարակէ նոր պատժամիջոցներ:

ՀԲԸՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնի կոչուելուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ազգը կանգնած է բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։

ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ՍԳԱՅ ԳԱՌՆԻԿ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Նորոգ վախճանեալ ազգային բարերար Գառնիկ Եագուպեանի մահը համատարած ցաւ յառաջացուցած է հայ իրականութենէն ներս։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) բազմամեայ կարկառուն վարիչներէն մին եղած էր Գառնիկ Եագուպեան, որու մահուան տխուր փուլին կը վերարժեւորուին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները։

Էջեր