ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Կաթողիկոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շուրջ երկու ժամ տեւած է զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Չավուշօղլու-Լաւրով բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի վիճակը:
Երէկ, «Restart» նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, «Բերա փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ քննարկում մը, որու ատենախօսներու շարքին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն միջազգայնագէտ ու քաղաքագէտ Արման Գրիգորեան, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած էր քաղաքս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 40-րդ արտահերթ նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ 15 վայրկեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքը կը սգայ երէց սերունդէ երախտաշատ ազգային գործիչի մահը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Restart»ի նախաձեռնութեամբ քննարկում մը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ապագային շուրջ:
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ հարցազրոյց՝ «Անատոլու» գործակալութեան: