ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը, ինչ որ կրնայ ազդել ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:
Էրտողան եւ Հերցոք երէկ գլուխ գլուխի զրուցեցին երկու ժամ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեցին ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան զարգացումը: Նախարարներ Չավուշօղլու եւ Տէօնմէզ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկեն:
Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Շարլ Միշելի հետ:
Հայկական ֆութպոլի արդի առասպելական աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան որոշած է այլեւս դադրեցնել իր մասնակցութիւնը Հայաստանի ազգային հաւաքականին։ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ կը շարունակէ մեծ ֆութպոլի մէջ մնալ, Իտալիոյ մէջ հանդէս գալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, տարիքի բերումով, այլեւս բաւ համարած է հայկական ընտրանիին մաս կազմելը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը յետմիջօրէի ժամերուն կը հասնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր պետական արարողակարգով կը դիմաւորուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը։ Երէկ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը, զուգահեռաբար մարդասիրական հրադադար հաստատուեցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ուքրայնայի պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած թէժ իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս ամենաբարձր մակարդակի շփումը՝ մինչ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կ՚առաջարկէ՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ միջնորդի դեր կատարել։
Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի 27-րդ առաջնութիւնը: