Լրահոս

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ՆՈՐ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄՏՆԱՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ

Կառավարութիւնը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ նախազգուշական միջոցներու հարցը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը, որու ընթացքին համապատասխան խնդիրները միշտ օրակարգի վրայ էին։

Աշխարհի Ամենահաստաբուն Ծառը

Աշխարհի ամենահաստ բունով ծառը ունի 42 մեթր շրջագիծ։ 2000-ամեայ ծառը տակաւին կը շարունակէ աճիլ։ Այսպէս, Մեքսիկայի Սանթա Մարիա տել Թուլէ քաղաքին մէջ աճող զարմանահրաշ ծառը, որուն կ՚անդրադառնայ «Oddity Central»ը եւ որ յայտնի է որպէս աշխարհի ամենահաստաբուն ծառը:

ՓԱՅԼԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԲԵՐԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու՝ մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ, ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ

Հայաստանի մէջ 20 օգոստոսին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի հիման վրայ ձեւաւորուած կառավարութեան վերջին անդամն ալ յայտնի դարձաւ այս առաւօտ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար։

ԹԱՐՄ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած է արտաքին հետազօտութեան ծառայութեան մը ստեղծուիլը: Երեւան միշտ կողմնակից ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցութիւններու վերսկսման Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման հարցին շուրջ հայկական կողմի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԵՐԿՐԻ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ փակ քննարկում մը տեղի ունեցաւ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՉՄՈՒՐԱԼ

«Նահանջի տեղ չունինք: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անխախտելի է: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր տարածքէն նոյնիսկ մէկ սանթիմ զիջինք: Եկէ՛ք, խօսինք մեր սահմանները պահելու, ուժեղացնելու մասին: Ես չեմ ըսեր, թէ մենք պէտք է պատերազմ հրահրենք: Հազարումէկ եղանակներ կան այդ հարցերը լուծելու եւ կարգաւորելու համար: Բայց այդ մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել մեր անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին պատերազմէն ետք ամբողջութեամբ քանդուած է»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն են զինեալ ուժերը, որոնք կը գտնուին ոչ-բարւոք վիճակի մէջ: Բայց 8-9 ամիս է, որ արդէն աւարտած է պատերազմը: Հակառակ անոր՝ մենք տեսանք, որ մինչեւ այսօր որեւէ քայլի չէ ձեռնարկուած մեր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Չպաշտպանուած ու չկահաւորուած սահմանագիծ ունինք: Մամուլի մէջ բազմաթիւ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր տարածուեցան, թէ մեր զինեալ ուժերը ի՛նչ պայմաններու մէջ կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: Պէտք է բոլորը հասկնան, որ եթէ մենք բանակ չունենանք, հարեւանները միշտ պիտի փորձեն ինչ-որ բան խլել մեզմէ: Մենք կ՚ապրինք այնպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր եթէ քեզի մէկ անգամ ապտակեն եւ դուն արժանապատիւ պատասխան մը չտաս, ապա անպատճառ պիտի շարունակեն ապտակել քեզի: Մենք պէտք է ունենանք հզօր, մարտունակ եւ իր առջեւ դրուած խնդիրները կատարող բանակ մը եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրանք: Իրաւունք չունինք խաղաղութիւն մուրալու: Պէտք է այնպիսի խաղաղութիւն մը ունենանք, որ մեր հարեւանները հասկնան, թէ զայն խախտելու պարագային իրենք շատ ծանր հարուած պիտի ստանան: Ասոր համար կայ մէկ ճամբայ. Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացում՝ ամէնօրեայ աշխատանքով: Հիմա անցնինք բանակի բարեփոխումներուն: Անընդհատ կը խօսուի այս մասին, բայց յստակ ծրագիրներու մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Ժամանակը ահաւասիկ կ՚անցնի: Բարեփոխումներու մասին խօսք տալով, բայց չգործելով՝ կարելի չէ բարեփոխել բանակը»:

Էջեր