Լրահոս

«ԱՆԳԱՐԱ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՌԱՒԵԼ ՉԱՓՈՎ ՈՒՆԻ Ո՛Չ ԹԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ, ԱՅԼ՝ ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ»

Յայտնի թրքագէտ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետաքրքրական հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ակադեմիկոս Սաֆրաստեան յաճախ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առընչութեամբ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդած էին, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։ 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու վերջին շրջանի հերթական հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՉԻՆԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿՑԷՆ

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շարունակէ շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներէն։ Այս ամբողջին մէջ իր նշանակումը շնորհաւորեց նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, որ միեւնոյն ժամանակ այդ երկրի Պետական խորհուրդի անդամ է։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին ուղարկեց շնորհաւորական մը։

ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՐՏԱԿ ԴԱՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՌՄԱՄԲ ԿԱՅՈՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍԱՀՄԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան շաբաթավերջին «Սփութնիք Արմենիա» ռուսական գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու առկայ լարուածութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սահմանային իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ կայուն է, մեծ փոփոխութիւններ չկան։

Էջեր