ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԱԴԷՊ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՈՒՆԻ ԶՈՀ ՄԸ
Երեւանէն կը տեղեկացնէ Սագօ Արեան.-
Բաւականին լարուած ժամեր էին երէկ Հայաստանի մէջ։ Խնդիրը կապ չունէր որեւէ ներքաղաքական զարգացումի հետ, այլ խօսքը սահմանային միջադէպի մը մասին էր, որուն վերջնական գնահատականը ցարդ չէ տրուած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է:
Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով Եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի կողմէ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ շաբաթավերջին պատահեցաւ դէպք մը, որ մէկ կողմէ իսկապէս շատ զարմանալի է, իսկ միւս կողմէ ալ իր անարգական բնոյթին բերումով ցասում կը յառաջացնէ։ Այսպէս, շաբաթ ուշ գիշերին Գատըգիւղի եկեղեցւոյ շքամուտքին վրայ գտնուող խաչի պատուանդանին շուրջ պատահած է աննախընթաց երեւոյթ մը։
Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Ուէմպլէյ մարզադաշտին վրայ։ Անգլիոյ եւ Իտալիոյ հաւաքականները ախոյենութեան տիտղոսը նուաճելու համար բուռն պայքար մը մղեցին։
Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի կարողանան հասնիլ խաղաղութեան: