ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԶՄՄԱՌԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԲ ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ գիտնական տքթ. Ճոն Մարգարեան մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, Ուեստ Փիթսթըն։ Ան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի առաջին նախագահն էր։
Ֆէրիգիւղի մէջ վաղը երեկոյեան նախատեսուած է համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի ելմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովան, որ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուէր այդ բնագաւառէն ներս։ Յառաջացած տարիքի բերումով Եդուարդ Գովանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական խանգարուած էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները վաղը պիտի տեսակցին Անթալիայի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքար եւ գաղթականներու խնդիրներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս շրջանին հետամուտ է ընկերային զօրակցութեան զանազան ծրագրերու, մինչ Լիբանանէ ներս յառաջացած տագնապալի կացութեան հետեւանքով տեղւոյն հայութիւնը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Անթիլիաս վերջերս այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է, որպէսզի հայորդիներու առողջապահութեան կարիքները դիմագրաւուին նախանձախնդրօրէն։