«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ»Ի ՏՂԱՔԸ ԶԻՐԱՐ ՎԵՐԱԳՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Կողմերը հաւանութիւն տուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդական առաջարկին՝ հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ:
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին եւ դժբախտաբար հետզհետէ կ՚արդարանան ամենավատ ակնկալութիւնները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն մարտական գործողութիւններ ծաւալուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։
Հոգելոյս մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակին առթիւ յոբելենական յատկանշական ձեռնարկ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ