Լրահոս

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Դիւանագիտութեան ֆորումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ։ Համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած այս ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ արդէն ժամանած է Թուրքիա։

ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՀՏՓ-Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԶՈՀ ՄԸ

Իզմիրի մէջ երէկ յարձակում մը գործուեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի շէնքին վրայ։ Այս յարձակումը կատարեց Օնուր Կենճէր անունով անձ մը, որ առողջապահական համակարգի նախկին աշխատակից մըն է։

ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐԻ ԽԱՆՈՒԹ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ բացուեցաւ «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։ Այսպէս, բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը կը յայտնէ, թէ «Հերի Փոթըր»ի ֆիլմաշարի երկրպագուները կրնան այցելել Նիւ Եորքի կեդրոնին գտնուող «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB)։

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ամբողջ աշխարհ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր այս հանդիպման, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։

ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ»

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջերս այցելեց Արցախ։ Իր կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները միացան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ հայրապետական ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Սիւնիք եւ Արցախ:

ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Շուշիի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ նախագահ Էրտողան անգամ մը այցելած էր Ատրպէյճան, ուր Ալիեւի հետ մասնակցութիւն բերած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած յաղթանակի շքերթին։

Էջեր