ԱՆԱՍԹԱՍԻԱՏԻՍԷՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Մինչ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր գործընթաց մը կը սկսի, Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք մտահոգութիւն ստեղծեցին դրական սպասումներուն տեսակէտէ։ Երբ ԵՄ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնել, Նիքոս Անասթասիատիս յայտնեց, որ Յունական Կիպրոս կրնայ վեթոյի իրաւունքը օգտագործել Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման դէմ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ «Forbes» հանդէսին կողմէ պատրաստուած աշխարհի միլիառատէրներու ցանկին։ 40-ամեայ Քիմ Քարտաշեանի կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Զարգացման յառած օրակարգով կ՚երկարենք մեր ձեռքը։ Վերջին ամիսներու դրական իրադարձութիւնները պէտք է շարունակուին»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուայի մէջ ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած տեսակցութեան ընդառաջ Փաշինեան հարցազրոյցներ տուաւ ռուսական զանազան լրատուամիջոցներու։
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Մեկնաբանները՝ Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւնը կ՚որակեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բնականոնացման գագաթաժողով։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։
Փաշինեան Փութինի հետ վաղուայ ժամադրութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ «Ինթերֆաքս»ին:
«Իշխանութիւններուն համար աւելի դիւրին էր ամէն ինչ յանձնել՝ քան ծանր որոշում մը առնել»:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը նորոգ հանգուցեալ զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեանի, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր։ «Արցախի հերոս» քոմանտոսի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։