Լրահոս

ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր կը մասնակցին Տաճիկիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։

ՍԻՐՔԵՃԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱՅԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

Իսթանպուլի համայնապատկերի հիմնական ու առանցքային շինութիւններէն Սիրքեճիի պատմական կայարանը կ՚ենթարկուի վերանորոգութեան։ Թէ՛ որպէս ենթակառուցուածք եւ թէ որպէս մշակութային միջավայր՝ այս մէկը իսկական կոթող մը կը համարուի։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ֆրանսայի կառավարման ճգնաժամը եկաւ աւելի շեշտելու միջազգային սուր տագնապները եւ ընդլայնելու համատարած ճգնաժամի պատկերը։ Ներկայ պայմաններուն մէջ երթալով աւելի դժուար կը դառնայ միջազգային յարաբերութիւնները ընթերցել՝ մեծ պետութիւններու, տարածաշրջանային միջին կշիռի ազդեցիկ պետութիւններու եւ բոլորի ներքին քաղաքական ուժերու կամ շահերու բախումի բարդ փոխյարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Կեպելէի մէջ. «Մեր տարածաշրջանի մեծագոյն սպառնալիքը Իսրայէլն է»:
Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը համատեղ դիրքորոշում որդեգրէ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ: Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կ՚առաջարկէ կազմակերպել միասնական զօրավարժութիւններ՝ միշտ հետամուտ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խօսոյթին:

Էջեր