ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ձեռնարկեց հանդիպումներու։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ձեռնարկեց հանդիպումներու։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու ամբողջին մէջ, երէկ, Փարիզի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց միջազգային կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն օրուայ սկիզբին Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոքը։ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը օրակարգի վրայ բերաւ Կազզէի առկայ ողբերգական իրավիճակը։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուա զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը դիտարկէ՝ Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Հայաստան եւ Ճաբոն կը ձգտին զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Շիկերու Իշիպա արժեւորեցին տարածաշրջանի կայունութեամբ պայմանաւորուած հեռանկարները:
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման որոնումներուն տեսակէտէ այսօր կարեւոր հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս այս առաւօտ ընդունեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։
Գերմանական նշանաւոր «Bild»ը հաղորդեց, որ Հայաստան կ՚օգնէ Ռուսաստանի «Ալռոսա» ընկերութեան Արեւմուտքի պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, գերմանական աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսպէսով ռուսական ադամանդները կ՚արտածուին դէպի արեւմտեան շուկայ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Որո՞նք են Հայաստանի իրականութեան հիմնական պատումները։ Նախկին ռուսաստանցի, իսկ այժմ իսրայէլացի ընկերաբան Վիքթոր Վախշատայնը վերջին դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը պատասխանէ այն հարցին, թէ պատումները (աշխարհայեացքով «լիցքաւորուած») ե՞րբ կը դառնան քիչ թէ շատ կայուն ու ազդեցիկ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի գտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։
Նախագահ Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին համար դէպի Չինաստան կատարած ուղեւորութենէ վերադարձի ճանապարհին։