19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԹ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։
Հայաստանի առկայ քաոսը տակաւ կը խորանայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ահաւոր աղէտի պայմաններուն ներքեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ անոր կողմէ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը ստեղծած են փակուղի մը, որ Հայաստանի ապագան գրաւի տակ կը դնէ։
Թոմաս տը Վաալ. «Հիմա ա՛լ աւելի դժուար է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծել»:
Հայաստանի մատնուած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ երկիրը կը շարունակէ մնալ անորոշութեան ճիրաններուն մէջ։ Ստեղծուած աղիտալի կացութեան մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն հանդէս գալ հեռատես եւ հաւասարակշռուած պատգամներով։
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ելոյթները ունեցան տարբեր երանգներ եւ շեշտադրումներ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան կը պատրաստուի այցելել Պրիւքսել։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովին, որ նախատեսուած է 16-18 դեկտեմբերին։
ՄԱԿ հաստատեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն մը ուղարկելու մտադրութիւնը։ Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն, որպէսզի համագործակցին այդ առաքելութեան շուտափոյթ ժամանման նպատակով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Russia Today» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ վերջին շրջանին Մոսկուայի հասցէին Արեւմուտքի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած մեղադրանքներուն։ Ըստ ռուս նախարարին, անոնց զգալի մասը կը վերաբերի նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի տագնապներուն։
Հայաստանի ներքին քաղաքական փակուղին կը խորանայ մտահոգիչ ձեւով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը միշտ հետամուտ կը մնայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։ Իսկ այս վերջինը կը դիմադրէ ու կը ջանայ անդունդի եզրէն վերադարձնել իր կառավարութիւնը։