ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԴՀԱՏԵԼ ԴԷՊԻ ՍԻՒՆԻՔ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը կ՚ունենայ հետզհետէ աւելի արտառոց դրսեւորումներ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքները կառավարութեան դէմ աննկարագրելի պոռթկումի մը պատճառ դարձած են։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւններու հրաժարականը համատարած պահանջի մը վերածուած է ամբողջ երկրէն, նաեւ հայաշխարհէն ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկրի խաղաղապահները դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր։ «Անոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը, որպէսզի վերահաստատուի տեղւոյն խաղաղ կեանքը», ըսաւ Փութին։
«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարը, որու իւրաքանչիւր գիրքին մէջ կը ներկայացուին արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ որոշներն ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրուան առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած եռօրեայ սուգը կ՚եզրափակուի այսօր։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի իրադարձութիւնները դարձած են հրատապ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման աշխատանքներուն զուգահեռ յառաջացած են լուրջ մարտահրաւէրներ։
Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան Գործընկերութեան խորհուրդի հերթական ժողովը օրերս տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի նիստն ալ տեղի ունեցած էր անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի ներքին քաղաքական անելը կը մնայ առկայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը այս ամբողջին մէջ առանցքային խնդիրն է։ Շաբաթներէ ի վեր կացութիւնը անփոփոխ է երկրէն ներս։
Պրիւքսելի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ ժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել եւ Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյի։