ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՊԱՅՔԱՐ
Այս շաբաթուան երկրորդ կէսին Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ընդգծեց սահմանափակումներու նկատմամբ նախանձախնդրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի երկրին առջեւ աստիճանաբար բնականոնացման հորիզոն մը բացուի Ռամազանի տօնէն վերջ:
Մնացականեան եւ Մամետեարով այսօր տեսաքոնֆերանս մը կ՚ունենան՝ միջնորդներու մասնակցութեամբ:
«Թուրքիոյ մէջ համաշխարհային մակարդակով առողջապահական ծառայութիւններ կը մատուցուին»:
Երեւան պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններու մասին Պաքուի ժխտական արձագանգին:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Moody՚s անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն՝ համաճարակի պայմաններով:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է հարիւր տոկոսով տեղական արհեստական շնչառութեան սարք։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, արտադրութիւնը կատարուած է Մեքենաքիմիական արդիւնաբերութեան հաստատութեան (MKEK) կողմէ։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ երկրի Կեդրոնական դրամատան նոր նախագահի ընտրութեան համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քուէարկութեան մասնակից երեսփոխաններու քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ ընտրուեցաւ Մարթին Գալստեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ ծագած բանավէճի մթնոլորտին մէջ: