ԶԵՂՉԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգին վրայ վերջերս հրատապ ձեւով յայտնուած է նիւթ մը։ Այսպէս, Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա զեղչէ իրեն տրամադրուած բնական կազի սակագինը։
Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգին վրայ վերջերս հրատապ ձեւով յայտնուած է նիւթ մը։ Այսպէս, Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա զեղչէ իրեն տրամադրուած բնական կազի սակագինը։
Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել քորոնաժահրի համաճարակին դէմ եւ այդ ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային համագործակցութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց կառավարութեան մէջ, Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի երդիքին տակ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդը արդէն վաւերացուցած է Մարկարիթա Գրիգորեանի հրաժարականը։
Շուրջ 40 տարուան գործունէութենէ վերջ «Զօրեան» կաճառը Հայաստանէ ներս խարիսխ մը հաստատեց:
Մասնաճիւղը կը ձգտի ներթափանցել այն գործօններուն, որոնք կը պայմանաւորեն հայկական իրականութիւնը եւ ինքնութիւնը:
Dior-ի ձեւագծումին մէջ տեղ գտած է «Քեզ կը սիրեմ» հայերէնով գրառումը։ Այսպէս, նորաձեւութեան աշխարհահռչակ Vogue ամսագրի իտալական տարբերակը ապրիլ ամսուայ համարին մէջ հրապարակած է Dior-ի ձեւագծումը, որու վրայ գրուած է «Քեզ կը սիրեմ»՝ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով, այդ կարգին նաեւ հայերէնով։
Իտալիոյ մէջ քահանայ մը տուգանքի ենթարկուած է պատարագ մատուցանելուն համար։ Սոյն պատարագը քահանան մատուցած է ի յիշատակ քորոնաժահրէ մահացողներուն։
Առիւծները քնացած են երբեմնի բանուկ ճանապարհին։ Այսպէս, վաղ, թէ ուշ կենդանիները պէտք է նկատէին, որ մարդիկ անհետացած են եւ անոնք կրնան հանգիստօրէն զբաղեցնել իրենց տարածքը:
Այս շաբաթուան երկրորդ կէսին Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ընդգծեց սահմանափակումներու նկատմամբ նախանձախնդրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի երկրին առջեւ աստիճանաբար բնականոնացման հորիզոն մը բացուի Ռամազանի տօնէն վերջ:
Մնացականեան եւ Մամետեարով այսօր տեսաքոնֆերանս մը կ՚ունենան՝ միջնորդներու մասնակցութեամբ:
«Ընտրութիւններու միջոցաւ Արցախի ժողովուրդը լիազօրութիւն տուաւ նորընտիր իշխանութիւններուն՝ ապահովելու իր անվտանգութիւնը եւ զինքը ներկայացնելու հաշտութեան գործընթացին մէջ։ Հայաստան եղած է ու կը մնայ երաշխաւոր»:
«Թուրքիոյ մէջ համաշխարհային մակարդակով առողջապահական ծառայութիւններ կը մատուցուին»:
Էրտողան եւ Թրամփ հեռաձայնով խորհրդակցեցան քորոնաժահրի համաճարակի ընդհանուր ընթացքին կապակցութեամբ: